2015-12-12 08:34:00

Դու ես Քահանայ յաւիտեան` Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 46-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 13 դեկտեմբեր 2015-ին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան 46-րդ ամեակը։ Եորկէ Պերկոլիօ` Յիսուսեան Միաբանութեան անդամակցած է 11 մարտ 1958-ին եւ Քահանայ ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969 ապա իր մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 22 ապրիլ 1973-ին։

Նշենք թէ  Ֆրանչիսկոս Պապը, Ամերիկեան ցամաքամասէն ընտրուած առաջին Քահանայապետն է եւ է նաեւ  առաջին Յիսուսեան Քահանայապետը։

Քահանայապետ չընտրուած Ան եղած է Պուէնըս Այրեսի առաջնորդ եւ կը բնակէր համեստ բնակարանի մը մէջ նկատի առնելով իր ժողովուրդին աղքատութիւնը։ Ան իր քահանաներուն կը խրատէր միշտ  ըլլալ ողորմած եւ քաջութիւնը ունենալ իրենց դռները միշտ բաց բանալու։ Ֆրանչիսկոս Պապ արդարեւ յաճախ կրկնած է թէ ամենագէշ բանը որ կրնայ պատահիլ եկեղեցւոյ  մէջ այն է ինքզինք նկատել որպէս կեդրոն։։

Ֆրանչիսկոս Պապ, եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին յաճախ կը յորդորէ նմանիլ Բարի Հովիւին` Յիսուսին եւ քարոզել ու Աստուծոյ Խօսքը հռչակել ոչ միայն խօսքով այլ եւ կեանքի ապրումով եւ օրինակ հանդիսանալով իրենց շուրջիններուն։

Նշենք թէ յառաջիկայ 17 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ կը տօնախմբէ նաեւ իր ծննդեան 79-րդ ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.